ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հրանդ Տինքի այրի` Ռաքէլ Տինքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/Raqel-Dink.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հրանդ Տինքի այրի` Ռաքէլ Տինքը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց իր ներկայութեամբ նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Պոլսահայ համայնքի օրերը Հայստանի մէջ» ծրագիրի ձեռնարկները պատուելու համար եւ բարձր գնահատեց նախօրէին պոլսահայ երգահան Մաժակ Թոշիկեանի` Հրանդ Տինքին նուիրուած օրաթորիայի առաջին ելոյթը, որ փայլուն տպաւորութիւն գործեց հանդիսատեսին վրայ:
Ռաքէլ Տինք իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամի կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց իր ամուսնուն յիշատակը յարգելու եւ օրաթորիայի առաջին ելոյթը Հայրենիքի մէջ ներկայացնելու համար:
Քննարկուեցան պոլսահայ համայնքին առնչուող հարցեր: