Սիպիլ Փեքթորոսօղլու. “Երբ Հայաստան կ’այցելեմ, անպայման կ’ուզեմ հանդիպիլ Հրանոյշ Յակոբեանին”

Առաջին հանդիպումս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ 2011 թուականին էր. ես հրաւիրուած էի մասնակցելու Համահայկական 5-րդ ամառնային խաղերու բացման: Միշտ ջերմութեամբ կը յիշեմ այդ հանդիպումը ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս. Հրանոյշ Յակոբեանը այնքա՜ն հոգատար էր: Երբ Հայաստան կ’այցելեմ, անպայման կ’ուզեմ հանդիպիլ իրեն եւ վստահ եմ, որ ցանկութիւնս փոխադարձ է:

Հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով ազգանուէր գործունէութիւնս օտար ափերու մէջ` ՀՀ սփիւռքի նախարարը 2014 թուականին պարգեւատրեց զիս նախարարութեան “Կոմիտաս” մետալով: Անիկա ինծի համար մեծագոյն պարգեւ է, որուն համար շատ հպարտ եմ:

Իսկ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական մշակութային փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուած “Պոլսոյ հայ համայնքի մշակութային օրեր Հայաստանի մէջ” համերգային ծրագրին մասնակցութիւնս առաջին համագործակցութիւնն էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ: Այս անգամ եւս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէն ուշադրութեան արժանացայ` արժանանալով նախարարութեան շնորհակալագրին:

Շնորհաւորելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 7-ամեակը` կը ցանկամ, որ աշխարհասփիւռ հայերով աւելի համախմբուած ըլլանք: Իսկ տիկին Յակոբեանին կը մաղթեմ առողջութիւն, երազանքներու իրականացում, ուժ ու եռանդ, որպէսզի իրականացնէ հայապահպանութեան ուղղուած բոլոր ծրագիրները: Թո՛ղ Աստուած միշտ պահապան ըլլայ անոր:

Մեծ սիրով` Սիպիլ Փեքթորոսօղլու, Թուրքիա

Scroll Up