Շահան Սրբազան. Թուրքիոյ Սահմանակից Ըլլալը Եւ Շարունակել Ներկայութիւնը Հերոսական Է Սուրիահայերուն Համար

«Այսօր ճիշդ է քաղաքական եւ ռազմական փոփոխութիւնները նոր իրավիճակ կը ստեղծեն, մենք անորոշութեան մէջ ենք, բայց յուսադրուած ենք, որ հայրենիքն ու Սփիւռքը միասնաբար պիտի շարունակեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը»: Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» փորձագիտական համաժողովի ժամանակ՝ ըստ panorama.am-ի՝ ըսած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբազան Արք. Սարգիսեան:

Ան ներկայացուցած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս ինչպիսի ձեռնարկներ իրականացուած են Սուրիոյ մէջ:

Սրբազանը նշած է, որ Տէր Զօրը որպէս յուշահամալիր, կառոյց քանդուեցաւ, եկեղեցիներ քանդուեցան եւ այրուեցան, կան տարածաշրջաններ, որոնք հայաթափուած են, բայց Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայերը պիտի շարունակեն իրենց ստեղծագործ ներկայութեամբ պահանջատէր ըլլալ:

«Ամենակարեւորը` Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալը եւ շարունակել ներկայութիւնը իսկապէս հերոսական է սուրիահայերուն համար»,- ըսած է Շահան Սրբազանը:

Scroll Up