Եւս մէկ հայկական դպրոց Ռուսաստանի մէջ (տեսանիւթ)
Սեպտեմբեր 21-ին ՌԴ Եարոսլաւլ քաղաքին մէջ բացուած է հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, որ կառուցուած է համայնքի ուժերով: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ gtk.tv կայք-էջէն:
Շինարարական աշխատանքները սկսած են երկու տարի առաջ: Դպրոցը նախատեսուած է 60 աշակերտի համար, ուր հայոց լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ պիտի դասաւանդեն արհեստավարժ մանկավարժներ:
Հայկական կիրակնօրեայ դպրոց կրնան յաճախել բոլոր փափաքողները, անկախ տարիքէն, ազգային պատկանելիութենէն եւ դաւանանքէն:
«Մենք երկար սպասած ենք այս իրադարձութեան, որ շատ կարեւոր է հայկական համայնքին համար: Մեր համայնքի, նուիրեալներու ջանքերու շնորհիւ` մենք կրցանք ստեղծել գողտրիկ անկիւն մը, ուր փափաքողները կրնան հայերէն սորվիլ»,- նշած է Եարոսլաւլի մարզի «Նայիրի» հայկական համայնքի ղեկավար Վահագն Խաչատրեան: