Արցախցի երեխաներու հանգիստը Գրասնոտարի մէջ
Երկրորդ տարին է` Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի երեխաները կը հիւրընկալուին Ռուսաստանի Գրասնոտարի երկրամասի Վիտեազեւա աւանին մէջ: Անցած տարի տարբեր գիւղերէ զոհուածներու ընտանիքներու 15 երեխաներ եկած էին , իսկ այս տարի Ներքին Հոռաթաղէն էին, որոնց ընտրած էր գիւղի յատուկ խորհուրդը: Չնայած ցանկացողներու թիւը մեծ էր, բայց ընտրուած էին 17 հոգի: Անոնք 7 անմոռանալի օր անցուցին Սեւ ծովի ափին: Բարերարները հետաքրքիր ծրագիր կազմած էին, որ յագեցուած էր շրջագայութիւններով, զուարճալի ժամանցով եւ հանդիպումներով: Ամէն մէկ ժամը նոր տպաւորութիւն էր անոնց կեանքին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Արշալոյս Երեմեան:
Անոնք հանդիպեցան Գրասնոտարցի համագիւղացիներու հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Սբ. Սարգիս» եկեղեցւոյ քահանայ տէր Պետրոս Բաղրամեան, տեխնիկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Ռուբէն Քամալեան եւ «Ներքին Հոռաթաղ» հիմնադրամի աշխոյժ մասնակիցները: Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ, որուն ընթացքին ամէն մէկը կը պատմէր իր յաջողութիւններուն, երազանքներուն ու ցանկութիւններուն մասին:
Սուրբ Խաչի տօնին արցախցի երեխաները այցելեցին Անապայի «Սբ. Գէորգ» եկեղեցին, ներկայ գտնուեցան Սուրբ պատարագին, որմէ յետոյ տէր Երեմիան օրհնեց անոնց ու բարի ճանապարհ մաղթեց: Վերջաւորութեան երեխաները մատաղ համտեսեցին:
Երեխաները շատ գոհ էին եւ իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնէին «Հոռաթաղ» հիմնադրամի անդամներուն` այդպիսի երախտապարտ գործի համար:
«Ներքին Հոռաթաղ» հիմնադրամը կը շարունակէ իր բարեգործական աշխատանքները, կը համալրուի բարերարներու ցուցակը: Յանուն գիւղի ծաղկման եւ բարգաւաճման` ամէն մէկ համագիւղացի պէտք է իր կարողութեան չափ օգնէ գիւղին: Յառաջիկային մեծ աշխատանքներ նախատեսուած են: Մենք պարտաւոր ենք ծաղկեցնելու եւ հզօրացնելու մեր հայրենիքը: