Անկախութեան տօնին առթիւ պարգեւատրուած են նաեւ սփիւռքահայ գործիչներ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ հայապահպանութեան, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, հոգեւոր արժէքներու տարածման, ներդրած վաստակի եւ աւանդի համար  շարք մը սփիւռքահայ գործիչներու շնորհուած են պետական պարգեւներ եւ կոչումներ.

Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ վաստակի, սփիւռքի մէջ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, զարգացման եւ տարածման գործին մէջ ներդրած բացառիկ աւանդի համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին յետմահու պարգեւատրել Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով:

Հայապահպանութեան եւ հոգեւոր արժէքներու տարածման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար հայր Լեւոն Զէքիյեանին (Ֆրանսա) պարգեւատրել Պատուոյ շքանշանով:

Հայ-ռուսական բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար բարերար Մխիթար Ռաշիտի Արոյեանին (ՌԴ) պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով:

Առողջապահութեան բնագաւառին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար նեարդավիրաբոյժ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Ուիլիամ Արամի Խաչատրեանին (ՌԴ) պարգեւատրել Մխիթար Հերացիի մետալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ, Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման գործին ներդրած աւանդի համար Մարիա Ղրդեանին (ԱՄՆ) պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ, Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար Պիաթրիս Ղրտեանին (ԱՄՆ) պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ, հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար Շահան Արծրունին (ԱՄՆ) պարգեւատրել Մովսէս Խորենացի մետալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ, երաժշտարուեստի բնագաւառին մէջ ունեցած վաստակի համար երգիչ Յարութ Եսայի Փամբուկչեանին (ԱՄՆ) շնորհել Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի պատուաւոր կոչում:

Scroll Up