«Մանկական եւրոտեսիլ-2015»-ի հայաստանեան երգի եւ տեսահոլովակի ներկայացումը կը կայանայ Հոկտեմբեր 6-ին

“Մանկական եւրոտեսիլ-2015ե-ի հայաստանեան երգը պատրաստ է. մրցութային երգի եւ տեսահոլովակի ներկայացումը կը կայանայ Հոկտեմբեր 6-ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանաի հանրային հեռատեսիլի պաշտօնական` www.1tv.am կայքը:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Միկան (Միքայէլ Վարոսեան) այս տարի կը ներկայացնի ռոքնռոլ ժանրի երգ, որ թարմութիւն է եւ նորութիւն մրցոյթի հայաստանեան մասնակցութեան պատմութեան մէջ: Երգը կ’առանձնանայ իր դրական լիցքերով, որ շատ սէր կայ ու կեանք, ինչպէս նաեւ յիշեցում ժպիտի աներեւակայելի ուժի եւ կարեւորութեան մասին:

Միկան երգի միջոցով բարութիւն ու սէր պիտի տարածէ մարդոց մէջ` անոնց հաղորդելով բարձր պարային տրամադրութիւն: Երգը խորագիրն է “LOVE”  խորագիրը: Երաժշտութեան հեղինակն է լիլիթ Նաւասարդեանը, խօսքերու հեղինակ` Աւէտ Բարսեղեան, երաժշտութեան եւ խօսքերու համահեղինակն է Միքայէլ Վարոսեանը:

Scroll Up