7-ամեայ Ռոպերթը քիմիայի եւ մաթեմատիկայի խնդիրներ կը լուծէ (տեսանիւթ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/զ.jpg)
Ծառեր տնկել, աղքատներուն գումար բաժնել ու քաղաքէն վերացնել կարմիր գիծերը. սա 7-ամեայ Ռոպերթի ցանկութիւնն է: Ան համոզուած է, որ կրնայ փոխել աշխարհն ու մարդիկ` իր իսկ բացայայտումներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ www.a1plus.am կայքը:
Ռոպերթը կ’առանձնանայ իր տարեկիցներէն իւրայատուկ մտածելակերպով ու ունակութիւններով: 4 տարեկանին ան կը կարդար ու գիտէր բազմապատկման աղիւսակը: Այսօր կը լուծէ մաթեմատիկական ու քիմիական խնդիրներ, գրեթէ ամէն ինչ գիտէ աստղագիտութեան, մարդու կառուցուածքի, բնութեան ու կենդանիներու մասին: