Հայ զբօսաշրջիկները կը շարունակեն այցելել Արեւմտեան Հայաստան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/0148.jpg)
Ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Արեւմտեան Հայաստան զբօսաշրջային հոսքերը թէպէտ նուազած են այդ երկրի մէջ տիրող անկայուն իրավիճակի հետեւանքով, բայց հայկական զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները կը շարունակեն շրջագայութիւններու կազմակերպումը: Armenpress-ը զրուցեց հայկական զբօսաշրջութեան երեք գործակալութիւններու հետ` պարզելու, թէ ընկերութիւնները ինչպէս կը կազմակերպեն շրջապտոյտներ դէպի աւելի քան երկու ամիս ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած տարածքներ:
“Անի Տուր”-էն յայտնեցին, որ Արեւմտեան Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւնները կը կազմակերպեն մեկնելով տուեալ իրավիճակէն: “Կը խորհրդակցիենք այնտեղի մեր գործընկերներու հետ, եթէ կ’ըսեն` ամէն ինչ նորմալ է, կ’իրականացնենք: Երկուերէք խումբ չեղեալ յայտարարած ենք, որովհետեւ այնտեղ խնդիրներ եղած են կամ զբօսաշրջիկները չեն ուզած երթալ, յայտնեցին “Անի տուր” ընկերութենէն: Անոնք փաստեցին, որ Արեւմտեան Հայաստան գացողներու հոսքը նուազած է: “Նուազում կը նկատուի Օգոստոսի կէսէն: Մեր միջոցով գլխաւորաբար արտասահմանցիները կ’երթան, անոնք շատ զգուշաւոր են, կ’անհանգստանան եւ կ’որոշեն չերթալ”, նշեցին ընկերութեան ներկայացուցիչները:
“Ախթամար Տուր” տուրիստական ընկերութեան ներկայացուցիչը եւս յայտնեց, որ Թուրքիոյ տարածքին լարուած իրավիճակը կ’ազդէ զբօսաշրջային հոսքերու վրայ, բայց, այնուամենայնիւ, շրջագայութիւններ կը կազմակերպեն: Հարցին ի պատասխան, թէ ինչ անվտանգութեան երաշխիքներ կը տրուին զբօսաշրջիկներուն` ըսին. “ճանապարհներու հետ կապուած որեւէ խնդիր չկայ, եթէ խնդիր ըլլայ կը շրջանցենք: Օրինակ, օր կայ` Տիարպեքիր մտնել չ’ըլլար, եւ մենք զայն կը շրջանցենք: Իրավիճակ համաձայն երթուղին կը փոխենք, ուրիշ քաղաք կ’աւելցնենք անոր փոխարէն”: “Ախթամար տուր”-էն յայտնեցին, որ մինչ այս պրջապրտոյտները անցած են անցել են առանց միջադէպերու:
“Նարեկավանք Տուր”-էն, սակայն, տեղեկացուցին, որ պրջապրտոյտներ չեն կազմակերպեր, քանի որ պահանջք չկայ: “Զուտ պահանջարկ չըլլալու պատճառով շրջապրտոյտները ժամանակաւորապէս դադարեցուած են”,-ըսին ընկերութենէն: Թուրքիոյ զինուժի կողմէն Քրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) դիրքերը ռմբակոծելէն ետք երկրի արեւելեան հատուածներու մէջ 2015 թուականի Յուլիսի վերջէն ի վեր աշխուժացած են թուրք քրտական բախումները: Պատմական Արեւմտեան Հայաստանի մաս կազմող շատ նահանգներու եւ քաղաքներու մէջ փաստացի ռազմական գործողութիւններ կ’ընթանան թուրք իրաւապահներու ու քիւրտ զինեալներու միջեւ: Գործողութիւններու հետեւանքով արդէն 3-րդ նոյնիսկ 15 օրով “յատուկ անվտանգութեան գօտի” յայտարարուած Արարատ եւ Թոնդրակ լեռներու շրջակայքին: Բախումները յատկապէս Տիարպեքիրի, Մուշի, Վանի, Աղրըի (հայկական Արարատ), Պայազէտի մէջ եւ այլուր։