ՀՀ սփիւռքի նախարարը կառավարութեան ներկայացուց նախարարութեան` 2016 թ. պիւտճէի նախագիծի նախնական տարբերակը

Սեպտեմբեր 16-ին մեկնարկած են ՀՀ 2016 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի նախնական տարբերակի քննարկումները: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կառավարութեան ներկայացուց նախարարութեան` 2016 թ. պիւտճէի նախագիծի նախնական տարբերակը:

 ՀՀ միջազգային տնտեսական ամբողջացման եւ բարեփոխումներու, Տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու, Արտաքին գործերու, Սփիւռքի, Տնտեսութեան,  մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու, Մշակոյթի, Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու, Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, Գիւղատնտեսութեան, Բնապահպանութեան, Քաղաքաշինութեան նախարարութիւններու, ՀՀ սահմանադրական դատարանի, Քննչական կոմիտէի, Յատուկ քննչական ծառայութեան, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի, Դատական բաժանմունքի ղեկավարները ներկայացուցած են առաջարկութիւններ «ՀՀ 2016թ. պետական պիւտճէի մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի  նախնական տարբերակի վերաբերեալ:

Ըստ ընթացակարգի` վարչապետի գլխաւորութեամբ տեղի կ’ունենան պետական պիւտճէի նախնական տարբերակի քննարկումներ բոլոր գերատեսչութիւններուն հետ, որուն արդիւնքով ամբողջական տեսքի պիտի բերուի պիւտճէի նախագիծը եւ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով:

Scroll Up