Ամերիկեան քաղաքի մը մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգ տեղի կ’ունենայ

Ամերիկեան Նիւ Եորք նահանգի Թրոյեայ քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 11-ին համերգ տեղի պիտի ունենայ` նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

timesunion.com-ի փոխանցմամբ`  համերգին պիտի մասնակցին հայկական, հրէական, յունական, իտալական եւ կաթոլիկ համայնքներու ներկայացուցիչներ, կը գրէ news.am-ը:

Համերգի առաջին մասին մէջ ելոյթ պիտի ունենան ազգային տարբեր համոյթներ, ինչպէս նաեւ` հայկական: Երկրորդ հատուածին մէջ Նիւ Եորքի Կաթոլիկ երգչախումբը հայկական երգեր պիտի կատարէ:

 

Scroll Up