Գիրքի շնորհանդէս Քիեւի մէջ

Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ հայ նորագոյն արձակի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկուն` Արամ Պաչեանի ուքրաներէն թարգմանուած «Ռոպինկոն» պատմուածքներու ժողովածուի շնորհանդէսը: Գիրքը հրատարակուած է Լուովի մէջ 2015 թուականին:
Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի կեդրոնական գրախանութի շնորհանդէսներու յարմարաւէտ սրահին մէջ ժողովածուն ներկայացուց թարգմանիչ Անուշաւան Մեսրոպեան, իսկ երեկոն վարեց Սալոմէ Ենգիբարեան: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը հաղորդէ Ռուզաննա Մարտիրոսեան:
Շնորհանդէսին ներկայ էին ուքրանացի յայտնի գրողներ, թարգմանիչներ, լրագրողներ եւ հայ մտաւորականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներ:
Երիտասարդ ու շնորհալի արձակագիրի ինքնատիպ ու իւրայատուկ ոճը առաջին իսկ պահէն իր անմիջականութեամբ գրաւեց ընթերցասէրներուն: Երեկոն անցաւ ջերմ եւ բարեացկամ մթնոլորտի մէջ:
Վստահօրէն կրնամ նշել, որ այսպիսի հանդիպումները մեր հայրենիքի տաղանդաւոր երիտասարդներու հետ բացառիկ հաճոյք կը պատճառեն Սփիւռքի մէջ բնակող հայ մտաւորականներուն: