Մամլոյ ասուլիս` նուիրուած «Մուսա լերան» 100-ամեակի ձեռնարկներուն

Սեպտեմբեր 16-ին, ժամը 12:00–ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ (Էրեբունի պլազա 5-րդ յարկ, 503 սենեակ) տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած «Մուսա լերան» 100-ամեակի ձեռնարկներուն:

  Բանախօսներն են ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան եւ հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան: Բանախօսները պիտի մանրամասնեն ձեռնարկներու նպատակները, նշանակութիւնը, ծրագիրը: Ծրագիրին մէջ մասնաւորապէս ներառուած են`

  • Այցելութիւն Եսայի Եաղուբեանի շիրիմ-յուշարձանին, ծաղկեպսակի զետեղում, հոգեհանգստեան  արարողութիւն` ի յիշատակ հերոսամարտի հերոսներուն,
  • Մուսա լերան հերոսամարտի եւ հայ ազատագրական պայքարի 100 -ամեակին նուիրուած գիտաժողով,
  • Այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Մուսա լերան հերոսամարտին եւ մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցասրահի բացում եւ «Ֆրանսական պետական աջակցութիւն հայերուն» գիրքի շնորհանդէս,
  • Մուսա լերան գիւղին մէջ հարիսայի պատրաստման հանդիսաւոր արարողութիւն, երեկոյեան շուրջպար եւ հանդէս:

Scroll Up