Մեկնարկեց Սրտաբաններու եւրոկովկասեան 5-րդ համաժողովը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/srtaban..jpg)
Սեպտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ “Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-ֆրանսա” կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց “Սսրտաբանութեան եւրակովկասեան 5-րդ համաժողովը” (Euro-Caucasian Congress of Cardiology), որուն կը մասնակցին 50-է աւելի օտար եւ սփիւռքահայ անուանի սրտաբաններ` Ֆրանսայէն, Մոնաքոյէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ շուրջ 200 մասնագէտ` Հայաստանէն ու Արցախէն:
Համաժողովի նպատակն է` նպաստել սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման, աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժի համախմբման, Հայաստանի Հանրապետութեան, Սփիւռքի եւ Արցախի սրտաբաններու համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձի փոխանակման:
“Սրտաբաններու եւրակովկասեան համաժողով”ը կ’իրականանայ 2007 թուականէն, երկու տարին մէկ անգամ: Նախորդ` 2009, 2011, 2013 թթ համաժողովները համատեղ կազմակերպած են ՀՀ սփիւռքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները: Նշուած համաժողովները էապէս նպաստած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի սրտաբաններու համագործակցութեան ամրապնդման եւ համաշխարհային փորձի փոխանակաման: 2009 թուականի համաժողովին ստեղծուեցաւ, “սրտաբաններու եւրոկովկասեան կոնգրէսը”:
“Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-ֆրանսա” կազմակերպութեան նախագահն է ֆրանսահայ սրտաբան Աւետիս Մատիկեանը: Կառոյցի նախաձեռնութեամբ 2010թ. Գորիսի մէջ հիմնուած է Ֆրանս-հայկական սրտաբանական կեդրոնը, որ առանցքային դերակատարութիւն ունի Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս Սիւնիքի մարզի մէջ առողջապահական բազմաթիւ խնդիրներ լուծելու գործով: