ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելեցին վթարի ենթարկուած սուրիահայ աղջկան

Օգոստոս 13-ին Երեւանի Խանջեան փողոցի մէջ վրաերթի ենթարկուած 16-ամեայ սուրիահայ Նաթալի Սարիմանուկեանի առողջական վիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ, եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի Նաթալիի ապաքինման ընթացքին:

 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը դժբախտ պատահարէն  ետք այցելած էր Նաթալիին` “Հերացի” թիւ 1 հիւանդանոցային համալիր: Գերատեսչութեան ղեկավարը տեղւոյն վրայ բուժանձնակազմէն  հետաքրքրուած էր աղջկայ առողջական վիճակով եւ խնդրած ընել հնարաւոր ամէն ինչ` աղջնակի արագ առողջացման համար:

Սեպտեմբեր 10-ին նախարարը յանձնարարութեամբ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան ու Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտօնեանն  այցելեցին հիւանդանոց եւ տեղեկացան, որ  Նաթալիի վիճակը կայուն է եւ աղջիկը արագ կ’ապաքինուի:

Scroll Up