Կլենտէլի «Սիրոյ ձեռքեր» բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Սեպտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան ընդունեց բարեգործական ծրագիր իրականացնելու նպատակով Հայրենիք գտնուող Կլենտէլի «Սիրոյ ձեռքեր» բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները` Նորա Էլմազեանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` Ս. Պետրոսեան բարձր գնահատեց սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն օգնութիւն ցոյց տալու նախաձեռնութիւնը:

Բարեգործական կազմակերպութեան ղեկավար Նորա Էլմազեան ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը, իրականացուցած ծրագիրները, յառաջիկայ ընելիքները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ այցելութեան ծիրէն ներս սահմանամերձ գիւղերու (Վեդի, Օձուն, Գաւառ, Արծուանիստ, Թալին, Նորադուզ, Մարալիկ, Եղէգնաւան, Աբովեան, Շուշի, Ստեփանակերտ) անապահով ընտանիքներուն եւ Հայաստան հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայերուն ցուցաբերած օգնութեան:

Նախարարութեան առաջարկութեամբ պատուիրակութեան անդամները այցելեցին եւ շօշափելի ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերեցին նաեւ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքական պատերազմի պատճառով վերջերս Քոպանիէն Հայաստան տեղափոխուած Թովմասեաններու բազմանդամ ընտանիքին:

Քննարկուեցաւ նաեւ Կլենտէլի  «Հայկազեան» դպրոցին անհրաժեշտ  գիրքեր եւ ուսումնական ձեռնարկներ տրամադրելու հարցը:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նախարարութեան` սփիւռքի կրթական հաստատութիւններուն համար գրականութեան եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերու մշակման եւ տրամադրման ծրագիրի ծիրէն ներս Կլենտէլի «Հայկազեան» դպրոցին ապահովել համապատասխան  գրականութեամբ եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերով:

siro dzerq`

Scroll Up