Բարի սիրտ ունեցող կինը
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Լոս Անճելսի մէջ բոլորին յայտնի Սիլվա Չաքմաքչեանին անոր՝ Հայաստան կատարած վերջին այցի առիթով:
Ինչպէս կարելի է շնորհակալ չ’ըլլալ մարդու մը, որ տարիներ շարունակ շռայլօրէն բարեգործութիւններ կը կատարէ, եւ կը կատարէ մեծ սիրով ու այն բարձր գիտակցութեամբ, որ այդ մէկը անհրաժեշտ է անկախացած եւ կայուն պետութիւններ ունեցող Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին:
Սիլվայի բեղուն գործունէութիւնը պատիւ ու հեղինակութիւն կը բերէ հայ ազգին: Ան լաւ մարդու եւ հայու ընդօրինակելի կերպար է, որուն՝ բարեգործական ամենատարբեր ձեռնարկներ իրականացնելու պատրաստակամութիւնը արժանի է բարձր գնահատանքի:
Իսկապէս կը հիացնէ Սիլվա Չաքմաքչեանի առատաձեռնութիւնը, իսկ աջակցութեան «թիրախները» զինք կ’որակեն՝ իբրեւ կին, մայր, մարդ եւ հայ: Այս բոլորի վառ օրինակը անոր վերջին այցի ժամանակ նուիրատուութիւնն էր «Արագիլ» հիմնադրամին, որուն առաքելութիւնը ազգն աւելցնելն ու զաւակ չունեցող ընտանիքներուն օգնելն է: Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի օրերուն, երբ հայու համար երեխայ ունենալը սոսկ անձնական կամ ընտանեկան խնդիր մը ըլլալէ կը դադրի եւ ձեռք կը բերէ ազգային, բարոյական, ժողովրդագրական նշանակութիւն, Սիլվան, առանց վարանելու, իր նուիրատուութեամբ մասնակցեցաւ, եւ զաւակներ չունեցող տասնեակ ընտանիքներ երջանկացան, հնարաւորութիւն ունեցան զգալու ծնող ըլլալու մեծագոյն բերկրանքը, ինչը նաեւ կարեւորագոյն նպաստ էր Հայոց պետութեան վաղուայ օրուան ապահովման, ժառանգներ ունենալու սրբազան գործին:
Սիլվան փայլուն ձեւով կը յաջողի մէկտեղել բարեսիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Ան օրեր առաջ, այցելելով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն, օգնութիւն ցուցաբերեց վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն, նիւթապէս աջակցելով անոնց մայրերուն՝ ան հնարաւորութիւն ստեղծեց հոգալու իրենց կարիքները:
Սեպտեմբեր 2-ին, մասնակցելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած տօնակատարութիւններուն, Ստեփանակերտի մէջ օգնեց նաեւ հաշմանդամ մի քանի ընտանիքներու:
Այս բոլորը կրնայ բնորոշ ըլլալ միայն ազգասէր մարդու եւ վկայել պետութեան եւ բանակի հանդէպ վերջինիս ունեցած վերաբերումի մասին:
Սիլվա Չաքմաքչեանի կերպարը առաւել սիրելի դարձաւ, երբ, գտնուելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն եւ տեղեկանալով Հալէպի ծերանոցի ծանր վիճակի մասին, ի յիշատակ իր հայրիկի՝ ան անմիջապէս յանձն առաւ Հալէպի ծերանոցի 46 ծերերու խնամակալութիւնը, որոնցմէ 13-ը անկողնին գամուած են:
Սիլվան իր իւրաքանչիւր քայլով կ’ապացուցէ, որ երբեք չ’ընկրկիր, երբ կը տեսնէ, որ մարդիկ իր օգնող ձեռքի կարիքը ունին: Ան վարպետօրէն կը քաջալերէ, իր հոգիի ջերմութիւնը, սէրն ու քնքշանքը անշահախնդիր կը նուիրէ մարդոց: Եւ եթէ ընդունուած է ըսել, որ իւրաքանչիւր մարդու մասին կը պատմեն իր ըրած գործերը, ապա Սիլվա Չաքմաքչեանը կարելի է բնութագրել իբրեւ «Լուսաւոր էակ», որմէ անսահման ջերմութիւն կը յորդի:
Զինք ճանաչցողները ակնածանքով ու սիրով կ’արտայայտուին. կարող գործարար, լաւ ընկեր եւ արժանապատիւ հայ, որուն վարկը, կեցուածքը, կազմակերպչական շնորհքը, պարզ, անմիջական բնաւորութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը նկատելի են անընդհատ: Եւ, իբրեւ այդպիսին, ան յայտնի է ոչ միայն իր մտերիմներու շրջանակէն ներս, այլեւ Լոս Անճելսի հայ համայնքի ու Հայրենիքի մէջ:
Սիլվան նաեւ հասարակական գործիչ է: Ան գործուն մասնակիցն է Կանանց միջազգային միաւորման աշխատանքներուն, կը կազմակերպէ համաժողովներ, ցուցահանդէսներ եւ այլ ձեռնարկներ: Ան նաեւ աստուածավախ, հաւատացեալ անձնաւորութիւն է եւ յայտնի է եկեղեցիին տուած իր նուիրատւութիւններով:
Ընդամէնը մէկ այց, եւ քանի՜ սրտեր ջերմացան, որքա՜ն կարիքաւորներ աջակցութիւն ստացան…
Կրկին մեր երախտագիտութիւնը յայտնելով Սիլվա Չաքմաքչեանին՝ այս բարի սիրտ ունեցող կնոջ՝ կը մաղթենք անոր նորանոր ձեռքբերումներ, գործունէութեան ծաղկում ու զարգացում:
Թող որ կեանքը իր բարեհաճութեամբ վարձահատոյց ըլլայ անոր իր աստուածահաճոյ բոլոր գործերուն համար:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն