ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելեցին Քոպանիէն Հայաստան տեղափոխուած Թովմասեաններու ընտանիքը

Սեպտեմբեր 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին արեւելքի հայ համայնքներու, տեղեկատուութեան ու հեռահաղորդակցութեան վարչութիւններու եւ նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի  աշխատակիցները այցելեցին Սիլիկեան թաղամաս, ուր Սեպտեմբեր 2-էն հանգրուանած է Քոպանիէն Հայաստան տեղափոխուած Թովմասեաններու բազմանդամ ընտանիքը` յատուկ անոնց համար առանձնացուած յարմարաւէտ կացարանի մէջ:

 Նախարարութեան աշխատակիցները ընտանիքի անդամններուն հետ քննարկեցին կեցութեան, առողջապահական, աշխատանքի տեղաւորման հետ կապուած հարցեր: Զրոյցին ընթացքին կարեւոր համարուեցաւ նաեւ հայաստանեան իրականութեան երեխաներու ընդելուզման հարցը:

 Նախարարութեան աշխատակիցները փոխանցեցին, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անմիջական յանձնարարութեամբ եւ վերահսկողութեամբ,  իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ  կը պահէ Թովմասեաններու ընտանիքի խնդիրներն ու այլ կառոյցներու հետ համագործակցելով` պիտի շարունակէ հնարաւոր միջոցներ գտնել եւ օգնել  ընտանիքի անդամներուն:

q1q2 q3 q4

Scroll Up