Հայ Մասնագէտին Ստեղծած Մարդ-մեքենան Ճատրակ Պիտի Խաղայ Կրանտմասթըրներու Հետ
Դիջիթէք ամենամեայ 12-րդ ցուցահանդէսը այս տարի աննախադէպ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններու ծիրէն ներս:
Լրագրողներու հետ Սեպտեմբեր 9-ին կայացած հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտնեց Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաներու (տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու-ԵՌԳ.) ձեռնարկութիւններու միութեան (ԻՏՁՄ) գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան: «Երբ մենք կազմակերպել էինք Դիջիթէք առաջին ցուցահանդէսը , ապա այն ժամանակ ունէինք երեսուն մասնակից եւ չորս հազար այցելու, իսկ այս տարի մեր տարածաշրջանի ամենախոշոր տեխնոլոգիական (արուեստագիտական-ԵՌԳ.) ցուցահանդէսին մասնակցելու են աւելի քան 130 ընկերութիւն, իսկ այցելուների քանակը կանխատեսւում է, որ պէտք է գերազանցի 40 հազարը»,- ցուցահանդէսի հիմնական կարգախօսն է`«Տօն տեխնոլոգիական հայութեան համար»:
Ան նկատած է, որ եռօրեայ արուեստագիտութեան տօնին տեղական հեղինակաւոր ընկերութիւններէն բացի, պիտի մասնակցին նաեւ շարք մը այլ յառաջատար ընկերութիւններ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Չինաստանէն, Թայուանէն, Ռուսիայէն, Շուէտէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսիայէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն: «Դիջիթէք 2015-ն առանձնայատուկ է նրանով, որ այս տարի մասնակցում են միջազգային ասպարէզում յաջողութիւններ արձանագրած PicsArt, «Զանգի», «Ջումագ», «Տրիադայ Ստուդիօ», Ericsson, Huawei, Keysight Technologies, Calix եւ այլ ընկերութիւններ. այդ ընկերութիւններուն մասնակցութիւնը մեր ցուցահանդէսին, մեր ցուցահանդէսի հովանաւոր «Եուքոմ« ընկերութիւնը, որ մեզ հետ կիսուեց իր գործնական բազմաթիւ կապերով, որի շնորհիւ մեր ցուցահանդէսը հասել է այսպիսի բարձր մակարդակի»,- շեշտած է Կարէն Վարդանեան:
Կարէն Վարդանեան աւելցուցած է, որ հարիւր հոգինոց արուեստագիտական խումբ մը պիտի ժամանէ ԱՄՆ-էն: «Մենք նախատեսում ենք, որ ցուցահանդէսի առաջին օրը մեր ՏՏ ընկերութիւնները կծանօթանան ԱՄՆ-ից ժամանած իրենց հայ գործընկերների հետ, որից յետոյ մենք նախատեսում ենք Հոկտեմբերի 3-ին ՏՏ ոլորտի վերաբերեալ պրոբլեմային քննարկում անցկացնել ՀՀ վարչապետի հետ ՀՀ-ում ՏՏ ոլորտի մարտավարային խնդիրների վերաբերեալ»,- նշած է փորձագէտը` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած պիտի ըլլայ մեր հայրենակցի կողմէ ստեղծած ճատրակ խաղցող մարդ-մեքենան (ռոպոթ), որ պիտի մրցի մեր հայ կրանտմասթըրներու հետ, ինչ որ անակնկալ պիտի ըլլայ մեր Շախմատի ֆետերասիոնի նախագահին համար:
Դիջիթէք 2015-ը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 2-4, Երեւան Էքսփօ ցուցահանդէսային համալիրին մէջ: Արուեստագիտական ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան Դիջիլայֆ սեմինարներ, Հայաստանի ռոպոթներու բաց ախոյեանութեան մասնակից ռոպոթներու ցուցադրութիւն, ռոպոթներու փառատօն, աշխատանքային տօնավաճառ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ մշակութային ձեռնարկներ: