Facebook-ի եւ Twitter-ի օգտատէրերը կրնան հարցեր ուղղել ԼՂՀ վարչապետին
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան սկսած է հերթական առցանց հարցուպատասխանը, որուն ծիրէն ներս ֆէյսպուքի եւ թուիթթերի օգտատէրերը հնարաւորութիւն ունին մինչեւ Սեպտեմբեր 15 հարցեր յղել անոր` ստանալով վարչապետի պատասխանները: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի բոլոր օգտատէրերն ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները իրենց յուզող հարցերը վարչապետին կրնան ուղղել առցանց` ԼՂՀ կառավարութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին համապատասխան ձեռնարկի միջոցով:
Հարցեր կրնան յղուիլ նաեւ թուիթթերի մէջ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեանի պաշտօնական էջին միջոցով:
Հարցերը կ’ընդունուին մինչեւ Սեպտեմբեր 15 ժամը 18:00, որոնց պատասխանները տեսանիւթի տեսքով կը տեղադրուին կառավարութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին վրայ: Նշենք, որ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան առցանց ասուլիսով հանդէս կու գայ արդէն չորրորդ անգամ: