Մոմավառութիւն` ի յիշատակ 1955թ. Սեպտեմբեր 6-7-ին Սթամպուլի մէջ իրականացուած հայերու, յոյներու եւ հրեաներու կոտորածներուն
Թուրքիոյ Սթամպուլ քաղաքի «Մարդու իրաւունքներու միութեան» շարք մը անդամներ, կեդրոնական Իսթիքլալ պողոտայի Գալաթասարա հրապարակին վրայ մոմավառութիւն ու նստացոյց կազմակերպուած է ` ի յիշատակ 1955թ. Սեպտեմբեր 6-7-ին Սթամպուլի մէջ իրականացուած հայերու, յոյներու եւ հրեաներու կոտորածներուն:
Ըստ թրքական «mynet» լրատուամիջոցին` նստացոյցի մասնակիցները իրենց ձեռքին պահած են վերոնշեալ դէպքերը արտացոլող լուսանկարներ: «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Այնուհետեւ իրաւաբան Էրէն Քեսքին խումբի անունէն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` ըսելով, որ 1955թ. Սեպտեմբեր 6-7 դէպքերը կը յիշատակուին, որպէս թուրք ազգայնականներու կողմէ իրականացուած զանգուածային հրդեհներու, թալանի, յարձակումներու տարեթիւ: Անոր խօսքերով` յարձակումները ուղղուած եղած են առաջին հերթին Սթամպուլի մէջ բնակող յոյներուն, ապա հայերուն եւ հրեաներուն դէմ:
Ան ընդգծած է, որ յարձակումները եւ թալանը ոչ միայն Իսթիքլալ պողոտային մէջ տեղի ունեցած են, այլեւ Սթամպուլի գրեթէ ամէն թաղամասերուն մէջ:
Ելոյթէն յետոյ, նստացոյցի մասնակիցները խաղաղ ցրուած են: Որեւէ արտառոց միջադէպ չէ գրանցուած:
Յիշեցնենք, որ 1955թ Սեպտեմբեր 6-ին ժամը 13:00-ին Թուրքիոյ պետական ռատիոյով յայտարարուած է, որ Թուրքիոյ Սալոնիկ քաղաքին մէջ գտնուող Թուրքիոյ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի հայրական տան վրայ ռումբ նետուած է:
Սեպտեմբեր 6-ին, կէսօրէ յետոյ թրքական տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններ եւ գլխաւորապէս իշխանութիւններու աջակցութեամբ ստեղծուած «Կիպրոսը թրքական է» միութիւնը Սթամպուլի Թաքսիմ հրապարակին վրայ կը կազմակերպեն բողոքի հանրահաւաք` կապուած այդ դէպքին հետ: Ատկէ յետոյ բողոքարարները կը սկսին քարեր նետել Թաքսիմի մօտ Իսթիքլեալ պողոտային մէջ գտնուող յոյներուն եւ հայերուն պատկանող խանութներուն վրայ, իսկ կարճ ժամանակ անց կը յայտնուին նախօրօք մահակներով եւ այլ անհրաժեշտ գործիքներով զինուած խումբեր, որոնք կը սկսին յարձակիլ, կոտրել ու թալանել ոչ իսլամներու պատկանող խանութները, արհեստանոցները, տուները, դպրոցները, եկեղեցիները եւ անգամ գերեզմանատուները: Ջարդերը չեն սահմանափակուած միայն Իսթիքլեալ պողոտայով, այլ արագօրէն տարածուած են Սթամպուլի միւս թաղամասեր` Պաքըրքէոլ, Պէյօղլու, Պէյքոզ, Պեշիքթաշ, Էմինոնիւ, Էյուփ, Ֆաթիհ, Քադըքէօ, Սարըյեր, Շիշլի, Ուսքիւտար, անգամ Սթամպուլի մօտակայքը գտնուող Մարմարա ծովի Իշխանաց կղզիներ, ուր կը բնակէին յոյներ: