Թուրքիոյ մէջ համշէնահայերու ձուլման քաղաքականութեան մասին գիրք հրատարակուած է

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Արտուին ծնած, ծագումով համշէնահայ գրող, գիտաշխատող եւ հասարակական գործիչ Հուրիյէ Շահինի` «Ինչպէս ձուլման քաղաքականութիւնը կ’ոչնչացնէ լեզուները. Հայոց պատմութիւն եւ համշէնահայեր» աշխատութիւնը:
Այս գիրքով հեղինակը փափաքած է ցոյց տալ, թէ ազգերու ձուլման քաղաքականութիւնը ինչպէս կ’ազդէ լեզուներու վրայ: Շահին նշած է, որ գիրքին մէջ անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ձուլման գործընթացներուն առհասարակ, եւ Համշէնի հայերու ձուլման քաղաքականութեան` մասնաւորապէս: Հայկական արմատներ ունենալով` Շահին օգտուած է նաեւ հայկական պատմագիտական աղբիւրներէն:
Հեղինակի կարծիքով ձուլումը սկիզբ կ’առնէ մայրենի լեզուի ոչնչացմամբ: Գիրքին մէջ մեծ տեղ տրուած է այս երեւոյթի ուսումնասիրման:
«Ժողովուրդները գոյութիւն ունին իրենց մայրենի լեզուի շնորհիւ: Մայրենին ազգի ձեւաւորման զուգահեռ զարգացող ինքնարտայայտման միջոց է: Եթէ մայրենի լեզուն ոչնչացուի, ազգն ալ կ’ոչնչացուի: Եթէ դուք լեզու չունիք, ուրեմն արդէն ձուլուած էք, փոխակերպուած: Իսկ պետութեան նպատակը այս պարագային հէնց փոխակերպելն է», – նկատել կու տայ իր գիրքին մէջ Հուրիյէ Շահինը: