Արժանթինահայ երիտասարդները մարդու իրաւունքներուն նուիրուած համագումար կազմակերպած են
Արժանթինահայ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ Պուէնոս Այրէսի մէջ կազմակերպուած է մարդու իրաւունքներուն նուիրուած երկօրեայ համագումար, որուն ընթացքին երիտասարդները տեսակէտներ յայտնած են, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ, այնպէս ալ ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն վերաբերեալ:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին Արժանթինի հայ համայնքէն, համագումարին ժամանակ երիտասարդները քննարկած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Եւրոպայի մէջ ներգաղթեալներու իրավիճակով պայմանաւորուած խնդիրները: