Սուրիական Բանակը Կը Վերադարձնէ Զապատանի Քաղաքի Վերահսկողութիւնը. Մարտերը Կը Շարունակուին (տեսանիւթ)

Մեծ ռազմական գործողութիւն ծաւալած է սուրիական Զապատանի քաղաքին մէջ: Սուրիական բանակի եւ Լիբանանեան դիմադրութեան ուժերու կողմէ մարտեր կը մղուին դուրս մղելու գրոհայինները եւ ազատագրելու բազմաթիւ թաղամասեր եւ բնակավայրեր: Կը գործեն սուրիական ուղղաթիռները, կը հարուածէ նաեւ հրետանին: Խաղաղ բնակիչներ այնտեղ չեն մնացած, քաղաքը աւելի շատ աւերակներ կը յիշեցնէ` քանդուած տուներ, պետական հաստատութիւններ, հիւանդանոցներ եւ դպրոցներ, այս մասին  կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօրը» վկայակոչելով սուրիական «Սանա» գործակալութիւնը:

Զապատանին ընդիմադիր զինեալները կ՛օգտագործեն լիբանանա-սուրիական սահմանը վերահսկելու համար, որուն միջոցով սնունդ եւ ռազմամթերք կը ստանան:

Մարտական գործողութիւններու հետեւանքով քաղաքին մէջ գրեթէ ոչինչ մնացած է, այժմ Զապատանիի մեծ մասը կը գտնուի կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ:

Scroll Up