Սաթխա գիւղին մէջ կ’ընթանան միջգիւղական ճանապարհներու ասֆալթապատման աշխատանքներ

Նինոծմինտայի քաղաքի Սաթխա գիւղին մէջ, տարածաշրջանային հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ, կ’ընթանան միջգիւղական ճանապարհներու ասֆալթապատման աշխատանքները: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ akhaltskha.net-ից: Նախագիծով տուեալ գիւղին մէջ պիտի ասֆալթապատուի 1350 մեթր երկարութեամբ ճանապարհահատուած, որուն արժողութիւնը կը կազմէ 480000 լարի գումար: Տուեալ աշխատանքները կ’իրականացնէ «Ջաւախք աւտօ գզա» շինարարական կազմակերպութիւնը:

Բնակիչները շատ բարձր կը գնահատեն նման ուշադրութիւնը իրենց հանդէպ եւ գոհունակութեան խօսքեր կ’ուղղեն շրջանի ղեկավարութեան: Նշենք, որ մինչ այս գիւղի ճանապարհը կը գտնուէր անմխիթար վիճակի մէջ եւ մեծ դժուարութիւններ կը պատճառէր գիւղի բնակչութեան:

Scroll Up