Լեւոն Արոնեան յաղթեց Սենթ Լիւիսի գերհզօր մրցաշարին

Հայկական ճատրակի յառաջատար, ճատրակի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Լեւոն Արոնեան յաղթեց ԱՄՆի Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ուժեղագոյն մրցաշարին:
«Սինքֆիլտի գաւաթ»-ի խաղարկութեան վերջին շրջանին Արոնեանի մրցակիցը Վէսելին Թոպալովն էր: Հայ գրոսմայստերը կը խաղար սեւ խաղաքարերով եւ խաղը աւարտեց ոչ-մէկուն արդիւնքով:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, 9 հնարաւորէն վաստակելով 6,5 միաւոր Արոնեան դարձաւ այս մրցաշարի յաղթողը:
Մեր շախմատիստի մրցակիցներն էին ` Մագնուս Գարլսեն, Վիշի Անանտ, Վէսելին Թօփալով, Հիկարու Նակամուրան, Ֆապիանօ Գարուանան, Անիշ Յիրին, Ուեսլի Սոն, Ալեքսանտր Կրիշչուկ եւ Մաքսիմ Վաշյէլագրաւ:
Մրցաշարը մեկնարկած էր Օգոստոս 23- ին: