Լիոնի Մէջ Սփիւռքահայ Գործարարները Միաւորող Միջազգային Ցանց Պիտի Ստեղծուի

Ֆրանսայի մէջ պիտի ստեղծուի Ֆրանսա-Հայաստան միջազգային ցանց, որուն նպատակն է միաւորել հայ գործարարները, զարգացնել անոնց միջեւ տնտեսական կապերն ու յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ` իբրեւ տարածաշրջանի հետ կամուրջ հանդիսացող երկիր: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչ Հիլտա Չոպոյեան յայտնած է, որ նորաստեղծ կազմակերպութիւնը պիտի գնահատէ եւ փորձէ օգտագործել նաեւ Միջին Արեւելքի, ԱՄՆ-ի, ԱՊՀ-ի եւ Իրանի մէջ գործող հայկական սփիւռքի տնտեսական կարողութիւնները:
Ցանցի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 23-ին Լիոնի Ռոն-Ալպեան տարածաշրջանի խորհրդարանի դահլիճին մէջ: Բացման արարողութեան պիտի մասնակցին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիթեչեան, ֆրանսացի եւ ֆրանսահայ բազմաթիւ գործարարներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ: