Մուշի մէջ շոգեկառք մը պայթեցուած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/f55e40a0f52856_55e40a0f52894.jpg)
Թուրքիոյ Մուշի նահանգին մէջ պայթեցուած է Էլազըղ – Թաթուան երթուղիի բեռնատար շոգեկառքը, որուն հետեւանքով 3 մարդ վիրաւորուած է: Թրքական «İhlas» լրատուական գործակալութեան տեղեկութեան համաձայն` Մուշի Քորքութ շրջանով անցնող շոգեկառքը պայթեցուած է երկաթուղիին մէջ նախօրօք տեղադրուած ռումբի օգնութեամբ, որ գործարկուած է շոգեկառքի անցնելու պահուն, կը գրէ ermenihaber.am-ը: Կ’ենթադրուի, որ ռումբերը տեղադրուած են «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն» (ՔԲԿ – PKK) անդամ զինեալներուն կողմէ:
Պայթիւնէն յետոյ դէպքի վայր ժամանած շտապօգնութեան մեքենաները վիրաւորներուն տեղափոխած են Մուշի հիւանանդանոց: Յայտնի է, որ վիրաւորուածները շոգեկառքի անվտանգութեան աշխատակիցներն են, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Պայթիւնէն վնասուած շոգեկառքի տարածքին մէջ անվտանգութեան ուժերը յատուկ գործողութիւն սկսած են` յանցագործութիւնը բացայայտելու նպատակով: