ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանի Արտակարգ Ներկայացուցչական Ժողով

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի Արտակարգ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 14 օգոստոսին, Հալէպի մէջ: Այս մասին կը հայտնէ Perio News-ը:

Ժողովը իր յարգանքն ու մեծարանքը արտայայտեց Սուրիոյ տագնապալի կացութեան ընթացքին զոհուած ՀՄԸՄ-ականներուն եւ համայն նահատակներու յիշատակին:

Ժողովը առիթ եղաւ ծանօթանալու եւ քննարկելու Սուրիոյ զանազան մասնաճիւղերու գործունէութիւնները, նաեւ յառաջիկայ գործունէութեան շուրջ առաջադրանքներ բանաձեւեց:

Յառաջիկայ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուելիք ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովին համար Ներկայացուցչական ժողովը բանաձեւեց իր առաջարկները եւ ընտրեց մասնակից պատգամաւորները:

Scroll Up