«Արի տուն-2015». Արիտունցիներու վերջին շրջագայութիւնները լուսանկարներով

Օգոստոս 31-ին կ’աւարտէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2015» ծրագիրը: Յուլիս 14-էն մեկնարկած ծրագիրին ընթացքին` սփիւռքահայ երիտասարդները հնարաւորութիւն ունեցան շրջագայելու Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրերով, անմոռանալի օրեր անցուցին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ: Լուսանկարներու միջոցով «Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ արիտունցիներու հայաստանեան «ճամփորդութիւնը»: