«Արի տուն-2015». Սաթենիկ Աւետիսեան. ««Արի տունը» ինծի համար բացայայտումներով լեցուն էր»

Սաթենիկը կ’ապրի ԱՄՆ-ի Սիարօ Ուաշինկթըն քաղաքին մէջ, ուր շատ քիչ թիւով հայեր կ’ապրին: Իր հասակակիցները օտարազգի են: Ամերիկեան քոլեջ կը յաճախէ, որովհետեւ քաղաքին մէջ հայկական դպրոց չի գործեր:
Սաթենիկը, սակայն, կը պատմէ, որ ծնողները կը ջանան իրեն եւ եղբօրը հայեցի դաստիարակել. Հայաստանի մասին տարբեր պատմութիւններ կը պատմեն, համացանցով ցոյց կու տան պատմամշակութային վայրերը եւ այլն:
Աղջկան հայկականութեամբ պարուրելու նպատակով մայրը մեծ յոյսերով ուղարկած է Հայաստան` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին:
Սաթենիկին համար «Արի տունը» բացայայտումներով լեցուն եղած է. վերջին անգամ Հայաստան ժամանած է հինգ տարի առաջ եւ տարիքի բերումով լաւ պատկերացում չէ կազմած այն վայրերուն մասին, ուր հասցուցած է երթալ: Իսկ հիմա իր պատմելով` կարծես հասուն մարդու աչքերով կը նայի բոլոր վայրերուն: Ի զուր չէ այն հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը, երբ աղջնակը շրջագայութեան ընթացքին հայկական հնամենի եկեղեցիներու մէջ, թանգարաններու եւ այլ վայրերու մէջ կը գտնուի: Անպայման կը լուսանկարէ շինութիւնները, որպէսզի օտարազգի ընկերներուն ցոյց տայ, թէ ինչ գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ երկիր ունի:
Զրոյցի ընթացքին Սաթենիկ ըսաւ, որ եղբայրը նպաստած է ծրագիրին մասնակցելու համար: Ան երեք տարի առաջ եկած է «Արի տուն» եւ վերադառնալով ԱՄՆ` անդադար պատմած Հայաստանի մէջ անցուցած օրերուն մասին, շրջագայութեան ընթացքին տեղի ունեցած զուարճալի պատմութիւններ, այնքան, որ անոր ոգեւորութիւնը Սաթենիկին փոխանցուած է: «Միայն ընկերներուս հետ հաղորդակցելուս դժուարութիւն կ’ունենամ, բայց յոյս ունիմ` հայոց լեզուի դասընթացներուն մասնակցելով` հայերէնի գիտելիքներս կը հարստացնեմ»,- զրոյցի վերջաւորութեան ըսաւ Սաթենիկ:
Գէորգ Չիչեան