Եւրոպայի սահմաններուն աննախադէպ թիւով փախստականներ կուտակուած են

Օրուան լուսանկարը. սուրիացի տղան` փոքրիկ եղբօր գրկած, կ’անցնի Յունաստանի եւ Մակեդոնիոյ սահմանը…
Photo: UNHCR/A. McConnell
Եւրոպական երկիրները մեծ խնդիրներ ունին կապուած փախստականներու աննախադէպ հոսքին հետ: Գաղթականներու ճգնաժամը Եւրոպայի մէջ ամենամեծն է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ: Ապօրինի ներգաղթեալներու քանակը եւրոպայի մէջ տարբեր գնահատականներով արդէն իսկ 5-7 միլիոնի կը հասնի: Ապօրինի գաղթականներու հիմնական հոսքը կ’ընդունեն Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Սպանիան:
Արտաքին սահմաններու անվտանգութեան գիծով ԵՄ Frontex գործակալութիւնը յայտնած է, որ 2015-ին Եւրոմիութեան սահմանները հատած է 340 հազար գաղթական, այն պարագային, երբ 2014-ի ամբողջ ընթացքին անոնց թիւը եղած է 280 հազար:
Գերմանիոյ իշխանութիւնները մինչեւ տարեվերջ մօտ 800 հազար փախստականի ներհոսք կ’ակնկալեն, որ 4 անգամ կը գերազանցէ 2014-ի ցուցանիշը: Անոնց հիմնական մասը Սուրիայէն են եւ Աֆղանստանէն եւ հիմնականին մէջ անոնք կը ժամանեն Թուրքիոյ եւ Յունաստանի տարածքով:
Ներգաղթեալներու աճող թիւէն կը տուժեն նաեւ յունական կղզիները: Այնտեղ, ի տարբերութիւն Գերմանիոյ, չկան միջոցներ անոնց այլ երկիրներ ուղարկելու համար: Այսօր ամենաշատ փախստականները Գօս եւ Լերոս կղզիներուն մէջ են: :
Հերթական երկիրը, որուն միջով փախստականները կը յայտնուին Եւրոպայի մէջ, դարձած է Մակեդոնիան: Մակեդոնիա հասնելու համար երկար ամիսներ ճանապարհորդելով` ներգաղթեալները կը տեղափոխուին Սերպիա, այնուհետեւ կը հատեն Հունգարիոյ հետ սահմանը:
Օգոստոս 20-ին Մակեդոնիոյ կառավարութիւնը արտակարգ իրավիճակ յայտարարեց Յունաստանի հետ սահմանին եւ լրացուցիչ զինուորական ստորաբաժանումներ տեղակայեց այնտեղ` կանխելու համար ապօրինի ներգաղթեալներու մուտքը երկիր: միայն ՄԱԿ ՓԳՀ-ի աջակցութեան շնորհիւ յաջողեցան փոքր ինչ մեղմել իրավիճակը` օգնութիւն ցուցաբերելով փախստականներուն, որոնց մէջ շատ երեխաներ կային:
Մակեդոնիան այդքան միջոցներ չունի, որպէսզի ընդունի բոլոր փախստականները, կուտակուած յունա-մակեդոնեան սահմանին: Այս մասին BBC-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է երկրի ԱԳՆ ղեկավար Նիկոլայ Փոփոսկին:
– Վերջին քանի մը օրուան կտրուկ աճած է փախստականներու թիւը, խօսքը 3-3.5 հազար մարդու մասին է օրական, – նշած է նախարարը, յիշեցնելով, որ Մակեդոնիոյ մէջ մօտ երկու միլիոն մարդ կը բնակի, այդ իսկ պատճառով երկիրը ի վիճակի չէ այդքան մարդ ընդունելու:
Աւելի վաղ Amnesty International ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը յայտարարած էր, որ սահմանին փախստականներու հետ վարուած են ինչպէս զանգուածային ցոյցերու մասնակիցներու հետ:
Միջազգային գործակալութիւնները կը յայտնեն նաեւ եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ ներգաղթեալներու ընդվզումներու ու անկարգութիւներու մասին:
Օգոստոս 20-ին մօտ 50 փախստական յարձակած է ոստիկաններուն վրայ Գերմանիոյ Թիւրինկիոյ դաշնային շրջանին մէջ, բախման հետեւանքով 13 մարդ վիրաւորուած է: Ըստ էրֆուրտ քաղաքի ոստիկանութեան ներկայացուցիչներուն, անկարգութիւնները սկսած են Օգոստոս 19-ի երեկոյեան Զուլ քաղաքի փախստականներուն համար նախատեսուած ապաստարանին մէջ, երբ գաղթականներէն մէկը սկսած է պատռել ղուրանի էջերը` հրահրելով այլ 20 փախստականներու: Աւելի ուշ անոնց միացած է եւս 30 փախստական:
ԵՄ երկիրներու ներքին եւ արտաքին գործերու նախարարները մտադիր են հանդիպիլ Փարիզի մէջ Հոկտեմբերին` քննարկելու համար ապօրինի ներգաղթեալներու աննախադէպ հոսքը Եւրոպա:
Մինչդեռ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գիծով յատուկ զեկուցող Ֆրանսուա Գրեպոն երէկ յայտարարած է, որ Եւրոպան պէտք է վերանայի իր վերաբերմունքը փախստականներու նկատմամբ եւ նոր մօտեցումներ կիրառէ գաղթականներու հարցով: Անոր խօսքով, մարդիկ կը փախչին պատերազմներէն եւ բռնութենէն, անոնք աջակցութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունին: Ատոր փոխարէն ապօրինի գաղթականներուն Եւրոպայի մէջ որպէս յանցագործ կամ ձրիակեր կը դիտարկեն: Մինչդեռ խօսքը երեխաներու մասին է, որոնք ծանր ապրումներու միջով անցած են:
«Իրենք բոլորն ալ,մեր նման մարդիկ են, ու մենք բարոյական իրաւունք չունինք անոնց դատելու, քանի որ յայտնուելով իրենց տեղը շատ հնարաւոր է նոյն կերպ կը վարուէինք», – ըսաւ ան:
womennet.am