Տեղի պիտի ունենայ «Արի տուն» ծրագիրի 7-րդ փուլի փակման արարողութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/aritun1.jpg)
Օգոստոս 21-ին, ժամը 18.00-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 7-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցին ՀՀ ազզային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով, սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:
Երիտասարդները հանդէս պիտի գան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած են ճամբարային օրերուն ընթացքին: Ծրագիրի մասնակիցներուն պիտի ողջունեն Աննա Խանչալեան, Գեղարքունիքի մարզի «Ալաշկերտ» երգի-պարի համոյթը:
Նշենք, որ ծրագիրի եօթերորդ փուլին կը մասնակցէր 107 երիտասարդ 13 երկրէ` Պելճիգայէն, Հոլանտայէն, Սպանիայէն, Յունաստանէն, ԱՄՆ-էն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Քուէյթէն, Իսրայէլէն, ՌԴ-էն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Վրաստանէն:
Լրագրողներուն տեղափոխող հանրակառքը կը շարժի Օգոստոս 21-ին, ժամը 16 45-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շէնքին առջեւէն (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բ/կ):