Փասատենայի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Թուրք մտաւորականները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքի շնորհանդէսը
Փասատենայի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ Օգոստոս 30-ին տեղի պիտի ունենայ պատմաբան Համբարձում Աղպաշեանի «Թուրք մտաւորականները որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքի շնորհանդէսը:
«Massispost»-ի փոխանցմամբ` գիրքը կը պատմէ թուրք 50 մտաւորականներու` պատմաբաններու, դերասաններու, իրաւապաշտպաններու, լրագրողներու մասին, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ու աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, այլեւ հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ, կը գրէ Արմէնփրէսը:
Գիրքի շնորհանդէսին ծաւալուն ելոյթով հանդէս կու գայ փրոֆէսոր Օշին Քէշիշեան: