Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիները» պարսկերէնով
Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինին կողմէ կեանքի կոչուած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնախումբի» նախաձեռնութեամբ, Թեհրանի մէջ, Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, պարսկերէն լեզուով հրատարակուեցաւ արեւմտահայ անուանի գրող, երգիծաբան,լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ 1914-1919, անձնական յիշատակներ» գիրքը, որ հեղինակի յուշագրութիւններն են Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի օրերուն: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Թեհրանի «Արաքս» շաբաթաթերթը:
416 էջնոց այս գիրքը, որ հրապարակ իջած է 1100 տպաքանակով, պարսկերէնի թարգմանած է իրանահայ տաղանդաւոր թարգմանիչ Անդրանիկ Խեչումեան եւ տպուած է Միրզախանեան ընտանիքի մեկենասութեամբ Արամայիս Միրզախանեանի յիշատակին, «Աֆրազ» հրատարակչատան միջոցով:
Ա. Խեչումեան իրանահայ ամենաաշխոյժ թարգմանիչներէն է: Ան իր թարգմանած տասնեակ գիրքերու շարքին թարգմանած եւ հրատարակած է նաեւ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Բ. Փանջունի»-ն, որ մեծ ընդառաջում գտած է պարսիկ ընթերցողին կողմէ եւ առաջին հրատարակութենէն ընդամէնը քանի մը ամիս յետոյ վերահրատարակուած է:
Յ.Գ. – Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինը կեանքի կոչած եւ հովանաւորած է Թեհրանի Հայ մարզա-մշակութային «Րաֆֆի» համալիրի, Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան, Աշխարհատեսներու հայկական կեդրոնի, անկախ մտաւորականներու, «Իրանահայեր» լրատուական կայքէջի եւ «Արաքս» շաբաթաթերթին կողմէ: