Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը ուխտագնացութիւն կազմակերպած է դէպի Արցախ

Հերթական անգամ Արցախի մէջ է հայ ժողովուրդի բարեկամ, Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս` խումբ մը ուխտագնացներու հետ, կը յայտնէ Artsakhpress-ը:
Ինչպէս տեղեկացուցած է Քաշաթաղի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զոհրապ Ըռքոյեան, Օգոստոս 17-ին ուխտագնացները գիշերելու նպատակով կանգ առած են Բերձորի մէջ` Հակարի գետի ափին ստեղծուած ճամբարին մէջ:
Հիւրերուն Բերձորի մուտքին մօտ դիմաւորած են Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալներ` Արտուշ Մխիթարեան, Յակոբ Սայամեան եւ աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան:
Պարոնուհի Քոքս իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախը իրեն համար հարազատ երկիր է ` դեռեւս պատերազմի տարիներէն: Քերոլայն Քոքս իր խումբի անդամներուն, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ Արցախ կ’այցելէ, պատմած է գոյամարտի եւ արցախցիներու հերոսական պայքարին մասին : Խօսելով Քաշաթաղի շրջանի մասին, ան նկատեց, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս աւերակներու վրայ հիմնած է ու ծաղկեցուցած իր երկիրը:
Ուխտագնացութեան մասնակիցները վաղը ոքտով Բերձորէն կը շարժին դէպի Շուշի եւ Ստեփանակերտ:
Նշենք, որ ուխտագնացներու շարքերուն մէջ են նաեւ Արցախեան գոյամարտի մասնակից հաշմանդամներ, որոնք բուժուած են Ստեփանակերտի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են պարոնուհիին` նման բուժհաստատութիւն հիմնելու եւ օժանդակելու համար, ուր բազմաթիւ հաշմանդամ ազատամարտիկներ բուժուած են: Այնուհետեւ արտերկրէն ժամանած բոլոր ուխտագնացները, որպէս նուէր ստացած են Հայոց Մեծ Եղեռնի մասին պատմող գիրքեր ու սկաւառակներ, որոնք յատկացուած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ: