Ջիւան Գասպարեան թրքական դրուագաշարի՞մէջ. Կը պարզաբանէ տուտուկահարը (տեսանիւթ)

Օրերս «Առաւօտը» ահազանգ ստացաւ, որ թրքական դրուագաշարերէն մէկուն մէջ` «Разбивающая сердца» («Սրտեր կոտրելով»)`, 32-րդ մասին  մէջ նկարահանուած է մեր անուանի տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան: Այս մասին կը գրէ Aravot.am-ը եւ կ’աւելցնէ. «Ընդ որում, ուշագրաւ է, որ սերիալում մատուցւում է, իբր Ջիւան Գասպարեանը նուագում է թուրքական «Սարի գելին» երգը: Դա մեզ շատ յայտնի «Սարի աղջիկ» երգն է, որի շուրջ բաւականին մեծ աղմուկ էր բարձրացել, քանի որ մեր հարեւանները փորձում են ամէն կերպ այն ներկայացնել որպէս թուրքական ծագում ունեցող երգ»:

«Հայերն այսօր»ը յաջողեցաւ կապ հաստատել Ջիւան Գասպարեանի հետ: Անուանի տուտուկահարը «Հայերն այսօրի» թղթակիցին հետ հեռախօսազրոյցին ըսաւ, որ ինք տեղեակ է շրջանառուող լուրերուն եւ աւելցուց, որ մինչեւ անձամբ չտեսնէ տեսագրութիւնը, չի կրնար ըսել` արդեօք ի՞ր կատարումն է, թէ՞ ոչ:

Տուտուկահարը նշեց, որ Կ. Պոլսոյ մէջ համերգ ունեցած է, ուր նաեւ «Սարի աղջիկ»ը հնչած է:

Անդրադառնալով «Սարի աղջիկ» երգին` Ջիւան Գասպարեան նշեց. «Երբ համերգների ժամանակ հնչեցնում եմ այս կատարումը, պարսիկները, թուրքերը մօտենում են ինձ եւ ասում, որ դա իրենց երգն է: Իմ կարծիքը, այս հարցում, միանշանակ է` դա հայկական երգ է: Իսկ թուրքերից ամէն ինչ սպասելի է, ամէն բան կ’անեն, որպէսզի խորամանկելով յաջողութեան հասնեն»:

Ջիւան Գասպարեան նաեւ նշեց, որ Թուրքիայէն առաջարկներ  ստացած է ելոյթներ ունենալու Վան, Մուշ, Էրզրում քաղաքներուն մէջ: Սակայն պատասխանած է, որ կը համաձայնի միայն այն պարագային, եթէ համերգները նուիրուած ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Աւելցնենք, որ հաւանաբար թրքական յիշեալ դրուագաշարին մէջ օգտագործուած են հատուածներ` 2013 թուականին Պոլսոյ մէջ Ջիւան Գասպարեանի եւ Թուրքիոյ մէջ յայտնի երգիչ Եաւուզ Պինկէոլի մասնակցութեամբ համերգէն, ուր տուտուկահարի նուագակցութեամբ Պինկէոլը կը կատարէ նաեւ «Սարի աղջիկ» երգի թրքական տարբերակը (Սարի գելին):

Scroll Up