Լոյս տեսած է «Հայկական լեռնաշխարհի տեղն ու դերը աստուածաշնչեան աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» գիրքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/18.08.15-9648girq.jpg)
Արցախի գրական կեանքին մէջ հերթական հաճելի իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է, կը գրէ yerkirmedia.am-ը: ընթերցողներու սեղանին նոր աշխատութիւն յայտնուած է:
«Հայկական լեռնաշխարհի տեղն ու դերը աստուածաշնչեան աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» վերտառութեամբ գիրքի հեղինակը Դաւիթ Բաբայեանն է: Պատմական գիտութիւններու թեկնածուի 6-րդ աշխատութիւնն է:
Եթէ միւս գիտական հրապարակումները կը վերաբերին աշխարհաքաղաքականութեան եւ քաղաքական պատմութեան զարգացումներուն, ապա այս աշխատութեան մէջ կ’ընգծուի նաեւ հոգեւոր բաղադրամասը: