Թուրքիայէն հայ ոսկերիչ մը եկեղեցական պարագաներ պատրաստած է ռուսական տաճարներուն համար

Հայերը լաւագոյն ոսկերիչները կը համարուին նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին յայտարարեց «Barocco Silver» թրքական ոսկերչական ընկերութեան ներկայացուցիչ, պոլսահայ Տիգրան Թաշ:

«Կան նաեւ թրքական ընկերութիւններ ու վարպետներ, որոնք  կը սկսին իւրացնել այդ արհեստը: Սակայն լաւագոյնը կը շարունակեն համարուիլ հայերը»,- աւելցուց ան:

Ընկերութիւնը արծաթէ իրեր  կ’արտադրէ, ինչպէս նաեւ` սպասք ու եկեղեցական պարագաներ: Այն կը գնեն Թուրքիոյ  տարածքին մէջ գործող քրիստոնէական եկեղեցիները, ընդ որում, ինչպէս հայկական, այնպէս ալ յունական եւ ասորական:

«Վերջերս մեզի պատուէր տուին նաեւ Ռուսաստանէն: Անոնց համար խաչեր եւ եկեղեցական այլ պարագաներ պարտաստեցինք»,- նշեց Թաշ:

Scroll Up