Թուրքիոյ մէջ տապալած է դաշնային կառավարութիւն ձեւաւորելու վերջին փորձը

Թուրքիոյ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ղեկավար, վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղուն Օգոստոս 17-ին «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլէթ Պահչելիի հետ դաշնային կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ բանակցութիւններէն յետոյ հանդէս եկած է մամլոյ ասուլիսով, կը գրէ Tert.am-ը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը, Տաւութօղլուն նշած է, որ Պահչելիի հետ անկեղծ զրոյց  ունեցած են եւ պարզած, որ դաշնային կառավարութիւն կազմելը անհնար է:

Ան նշած է, որ մէկ առ մէկ քննարկած են Պահչելիի առաջարկած 4 տարբերակներն ու եկած են եզրահանգման, որ դաշնային կառավարութիւն ստեղծելու հաւանականութիւն չկայ:

«Այս պահուն պատկերը այն է, որ դաշնային կառավարութիւն կազմելու ճանապարհ չերեւիր: Ինծի յանձնարարուած էր դաշնային կառավարութիւն ձեւաւորել, եւ ես ձեռքէս եկած ամէն ինչ ըրի ատոր համար»,-ըսած է Տաւութօղլուն:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ԱԶԿ-ը չէր կրցած ստանալ ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը:

Ատկէ յետոյ առաջ  քաշուած էր դաշնային կառավարութիւն ստեղծելու տարբերակը, սակայն խորհրդարան անցած միւս երեք ուժերուն հետ բանակցութիւնները այդ հարցով արդիւնք չէին տուած: Եթէ մինչեւ Օգոստոս 23 երկրին մէջ կառավարութիւն չձեւաւորուի, ապա արտահերթ ընտրութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութիւն կ’առաջանայ:

Scroll Up