Նոր ուսումնական տարին Քաշաթաղի շարք մը կրթօճախներ աշակերտները կը դիմաւորեն հիմնանորոգուած ու վերանորոգուած շէնքային պայմաններով

Քաշաթաղի շրջանի շարք մը դպրոցական հաստատութիւններու մէջ կ’ընթանան շինարարական աշխատանքներ։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Քաշաթաղի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զոհրապ Ըռքոյեան:

Վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներ կ’ընթանան Վուրգաւանի, Արծուաշենի, Փակահանի համայնքներու կրթօճախներուն մէջ: Վուրգաւանի երկյարկանի շէնքի հիմնանորոգումը կը կայանայ ԱՄՆ-ի մէջ գործող «Հայրենասէր» կազմակերպութեան հանգանակած միջոցներով:

Համանուն բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով նախորդ տարի իրականացած է նաեւ Լեռնահովիտի դպրոցի շէնքին հիմնանորոգումը:

Արծուաշէնի գիւղական համայնքին մէջ դպրոցը կը գործէ  յարմարեցուած շէնքի մէջ։ Այս տարի, ընթացիկ վերանորոգումներու ծիրէն ներս, հիմնովին կը նորոգուի դպրոցի կից երկյարկանի կիսակառոյցը, որուն առաջին յարկին այս ուսումնական տարունէ պիտի գործէ 8 դասասենեակ, իսկ  երկրորդ յարկի շինարարութիւնը պիտի շարունակուի  միւս տարի:

Կումայրիի միջնակարգ դպրոցը իբրեւ կրթօճախ կը հանդիսանայ հարեւան 10 բնակավայրերու աշակերտներու համար:

 

Վատ վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառով՝ ներկայիս Կումայրիի դպրոցական տիպային շէնքը չի գործեր: Փոխարէնը` մօտ 90 աշակերտ ունեցող դպրոցին համար կրթօճախ կը ծառայէ Վարդաբացի գիւղական համայնքի յարմարեցուած շինութիւնը:

 

Scroll Up