Արտօ Թունճպոյաճեան Վենետիկի մէջ հանդէս եկած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգին
Հարուածային գործիքներու յայտնի հայ վարպետ Արտօ Թունճպոյաճեան հանդէս եկած է Վենետիկի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգին ընթացքին, կը գրէ News.am-ը` յղում ընելով իտալական շրջանային NordEst Quotidiano պարբերականին:
Համերգը տեղի ունեցած է Jazz im Pro-Armenia 1915-2015 ծրագիրի ծիրէն ներս, որուն կազմակերպիչներն են Հայկական մշակոյթի հետազօտութեան եւ արձանագրման վենետիկեան կեդրոնը եւ արուեստի «Քալիկուլա» ընկերակցութիւնը:
Armenian Dream ծրագիրի կազմակերպիչն ու հեղինակը Իտալիոյ մէջ բնակող ֆրիուլներու փոքրաթիւ ազգութեան ներկայացուցիչ, դաշնակահար եւ երաժշտահան Գլաուտիօ Գոյանիսն էր: Համերգը տեղի ունեցած է վենետիկեան Պալացցօ Կրասսի թատրոնին մէջ: