Վեց դար հայրենիքէն հեռու գտնուողները կը պահպանեն հայ մշակոյթը, քանի մը տարի առաջ մեկնածները` ոչ

Քէսապի շուրջ 2000-անոց հայ համայնքը 600 տարի հայրենիքէն հեռու բնակելով, կը շարունակէ պահպանել հայկական լեզուն ու մշակոյթը, մինչդեռ ոչ բոլոր գաղթօճախները յաջողած են այդ հարցով: NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ համահայկական խաղերու առիթով Հայաստան ժամանած` Քէսապի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Շանթ Լնցեան:

«Արդէն 600 տարի է` հայերը Քէսապի մէջ  են: Եւ կարծես ոչ մէկ տարբերութիւն չըլլայ Հայաստանի հայուն եւ Քէսապի հայուն միջեւ: Զարմանալի փաստ է, որ 600 տարի հայրենիքէն հեռու գտնուողը կրնայ պահպանել հայկական մշակոյթը, իսկ ընդամէնը  քանի մը տարի առաջ ԱՄՆ կամ այլ երկիր մեկնողները կը մոռնան նոյնիսկ հայոց լեզուն»- ըսաւ Շանթ Լնցեան:

Խօսելով Հայաստան տեղափոխուելու մասին` Շանթ Լնցեան նշեց, որ որքան ալ հայրենիք  վերադառնալու ցանկութիւնը մեծ ըլլայ, իրենք չեն կրնար ձգել Քէսապի իրենց հողերը, որոնց համար այսքան պայքարած են:

Լնցեանի խօսքով`Քէսապի դէմ յարձակման ժամանակ հեռացած բոլոր հայերը առանց բացառութեան կը ցանկային Սուրիոյ իրենց տուները վերադառնալ: Համայնքի անդամները իրարու օգնելով հնարաւորինս վերականգնած են աւերուած տուներն ու եկեղեցիները, ու հիմա համարեայ բոլորը վերադարձած են իրենց տուները:

«Ես հիմա որքան ալ ցանկամ վերադառնալ իմ մեծ հայրենիք` Հայաստան, չեմ կրնար, քանի որ իմ փոքր հայրենիքս` Քէսապը, չեմ կրնար ձգել: Այնտեղ հայկական շունչ ու մշակոյթ կայ, որ պէտք է պահպանել: Մենք ատիկա կ’ընենք-աւելցուց քէսապահայ մարզիկը:

Scroll Up