Կարեւոր չէ, թէ ինչ լեզուով կը խօսիմ, կարեւորը` ինքզինքս հայ կը զգամ…
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/Մեհմեթ.jpg)
39-ամեայ Մեհմէթ Ճեմշին Տիարպեքիրի Սալքըմլը գիւղէն է. Տիգրանակերտ-Տիարպեքիր ապրող այն հազարաւոր մարդոցմէ, որոնց իսլամացած հայ կը կոչեն: Այն մարդոցմէ, որոնք ստիպուած են ապրելու կրօնի եւ ինքնութեան երկուութեամբ:
Մեհմէթ մանկութենէն գիտցած է իր ծագման մասին . «Փոքր տարիքէս հայրս միշտ կը պատմէր հայերու, Հայոց ցեղասպանութեան, Անդրանիկ Փաշայի, Տիգրան Մեծի մասին: Կը պատմէր որ հայ ժողովուրդը ունի հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ, նաեւ գիտեմ, որ Հայաստան առաջին երկիրն է, որ պաշտօնապէս ընդունած է քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն: Հօրս պատմածները հիմա ես իմ երեխաներուս կը պատմեմ, կ’ուզեմ, որ գիտնան իրենց հայկական արմատներուն մասին, սորվին հայերէն եւ հպարտ ըլլան, որ հայ են: Այսօր շատերը կը խօսին իրենց ինքնութեան մասին, շատերուն մօտ արթնցած է ինքնութեան գիտակցութիւնը, եւ ինչպէս շատերը, այնպէս ալ ես կը ցանկամ, որ բոլորը ինծի որպէս հայ ճանչնան եւ ընդունին: Կը հպարտանամ իմ նախնիներովս»,- «Հայերն այսօրին» պատմեց Մեհմէթը, որ մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
Մեհմէթ առաջին անգամ Հայաստան կ’այցելէ. «Առհասարակ առաջին անգամ է, որ երկրէս դուրս կ’ելլեմ եւ առաջին երկիրը, ուր ցանկացայ այցելել` Հայստանն է: Տպաւորութիւններս աննկարագրելի են: Հրաշալի երկիր է Հայաստանը, մարդիկ անչափ բարի են: Ես աշխարհի բոլոր հայերը իմ բարեկամներս կը համարեմ: Այցելած վայրերս շատ տպաւորիչ էին, բայց ամենատպաւորիչը ինծի համար Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութիւնն էր: Անմար կրակին նայելուս աչքիս առջեւ կարծես երեւցան 1915 թուականի կոտորածները, զգացի հայ ժողովուրդի ցաւը»:
Մեհմէթ Ճեմշին եւս, ինչպէս եւ միեւնոյն ճակատագիրը ունեցող, իսլամ դաւանող, բայց Պատմական Հայաստանի այս կամ այն քաղաքին, գիւղին մէջ ապրող իր «բախտակիցները», հայերէն չի խօսիր. «ճիշդ է, ես հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի կրողը չեմ, բայց անկախ անկէ ես հայ կը զգամ: Հայ ըլլալը ինծի համար ամէն ինչէ վեր է: Կարեւոր չէ, թէ ինչ լեզուով կը խօսիմ, կարեւորը, որ ես ինքզինքս հայ կը զգամ: Եւ իմ առաջնային խնդիրներէն կը համարեմ հայերէն սորվիլը»:
Տաթեւ Մնացականեան