Իտալական Ստացեմայի մէջ կը յարգեն ֆաշիստներու եւ օսմանցիներու զոհերու յիշատակը

Օգոստոս 12-ին իտալական Ստացեմա քաղաքին մէջ  ձեռնարկ տեղի կ’ունենայ` նուիրուած նազիստներու ձեռքով տեղի բնակչութեան սպանդի  71-րդ տարելիցի յիշատակման,  news.am-ի տեղեկացմամբ` կը փոխանցէ տեղի La Gazzetta di Viareggio պարբերականը:

Քաղաքացիները կը յարգեն նաեւ Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Թոսքանայի շրջանին մէջ գտնուող Ստացեմա քաղաք կու գան Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան եւ գերմանական Մոերս քաղաքի քաղաքապետ Քրիստոֆ Ֆլայշհաուերը:

«Մենք պատրաստ ենք բոլոր ցանկացողներուն հետ միասին, ինչպէս նաեւ` միջազգային մակարդակի վրայ, տեղեկութիւններ տարածել  1944-ի Օգոստոս 12-ի դէպքերուն մասին, երբ 560 անմեղ մարդ սպաննուեցաւ (ծերունիներ, կանայք, երեխաներ. ամենափոքր երեխան 20 օրական էր – ծ․խ․): Այդ դէպքերը բոլոր զանգուածային սպանութիւններու տխուր խորհրդանիշ դարձան: Այս տարի կը լրանայ նաեւ Հիրոսիմայի եւ Նագասակիի ռմբակոծման 70-րդ տարելիցը, ինչպէս նաեւ Հայերու ցեղասպանութեան 100 տարին: Այս դէպքերու յուշը փոխանցելը մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտքն է», – յայտարարած է Ստացեմայի քաղաքապետ Մաուրիցիօ Վերոնան:

«Հայաստանի դեսպանի հետ միասին մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ցեղասպանութիւն, որուն մասին յիշատակած է նորին սրբազնութիւն պապ Ֆրանչիսկոսը»,- աւելցուցած է քաղաքապետը:

Scroll Up