Ռուբէն Վարդանեան ֆինանսական նոր գործարարութիւն կը հիմնէ

Մոսկովեան կառավարման «Սկոլկովօ» դպրոցը, որուն հոգաբարձուն կը հանդիսանայ «Տռոյկա Տիալոգի» (այժմ` Սբերբանկ) նախկին հիմնական բաժնետէր Ռուբէն Վարդանեան, հետազօտութիւն կ’իրականացնէ, որուն համաձայն, ռուսական հարուստ գործարարներու միջին տարիքը 48 է: Անոնք բոլորը 10–20 տարի յետոյ իրենց գործարարութիւնն ու կարողութիւնը  փոխանցելու հետ կապուած ծառայութիւններու կարիք պիտի ունենան:   «Խօսքը միայն օլիկարխների մասին չէ, այլեւ` միջին մակարդակի բիզնեսմենների», — ըստ NEWS.am-ի`  Forbes -ին պատմած է Վարդանեան:

2015-ի ամրան սկիզբը ան հիմնադրած է Phoenix Advisors եւ multifamily office-ը (այս անուանումը առ այժմ չեն բանար): Անոնց աշխատանքը կը ղեկավարէ  «Ռենեսանս կապիտալ»-ի նախկին նախագահ Ալեքսանտր Մերզլենկոն․ ան պատասխանատու է հիմնական յաճախորդներու հետ շփումներուն համար: 2015-ի գարնան վերջին Մերզլենկոն Phoenix Advisors-ի տնօրէն  նշանակած է նախկին աւագ գործընկերոջ` «Երրորդ Հռոմ» ընկերութեան ընտանեկան գրասենեակի ղեկավար Ալեքսէյ Ստանկեւիչը: Անոր պարտականութիւններուն մէջ կը մտնէ գործարքներու եւ գործօններու կազմաւորումը, դրամագլուխներու փոխանցման նախագծումը: Գործարարութեան  կարեւոր մասը խնամակալութեան ստեղծումն է: Խնամակալը (Վարդանեանի ընկերութեան ներկայացուցիչը) ընտանեկան գործարարութեան կը ներկայացնէ ժառանգորդներու շահերը (ընկերութիւններ, թրասթներ, հիմնադրամներ): Վարդանեան կը բացատրէ, որ այդ ծառայութիւնը անհրաժեշտ է ընտանիքի գործօններու պաշտպանութեան համար․   ան ունի ժառանգորդներու համար նման միջոց կիրառելու փորձ,  կը փոխանցէ  Forbes-ը:

Phoenix Advisors-ը գործարարին կ’օգնէ իր գործօններու եւ ժառանգորդներու շրջանակի նկատմամբ ռազմավարութիւն մշակել: Phoenix Advisors-ը կրնայ ինքը մատուցել  յաճախորդի ընկերութիւններուն մէջ համակառավարիչի ծառայութիւններ, եթէ յաճախորդը վստահի Վարդանեանի եւ իր անձնակազմի հեղինակութեան, բայց   պատրաստ է նաեւ խոշոր միջազգային տուներ ներգրաւել, ինչպէս օրինակ` Ռոտշիլդներու ընտանիքէն կամ զուիցերացի  դրամատէրերէն: Նախատեսուած միջոցի գործարկման պարագային ժառանգորդը ստիպուած չըլլար երկար սպասել ժառանգութեան փոխանցման, իսկ Վարդանեանի ներկայացուցիչները կրնան արագ մտնել տնօրէններու խորհուրդ կամ ալ կառավարման այլ մարմիններ ժառանգորդի շահերը պաշտպանելու:

Վճարը կախուած կ’ըլլայ ծառայութիւններու տեսակէն․ ատիկա կրնայ կառավարման համար տրուող միջնորդավճարի պէս   բան մը ըլլալ կամ բաժանորդագրային վճար:

 

Scroll Up