Համահայկական խաղերու 9 մրցութային օրերէն ետք մետալներու ոչ պաշտօնական հաշուարկում յառաջատարը Երեւանի խումբն է, կը գրէ Արցախփրէսը

Համահայկական խաղերու 9 մրցութային օրերէն ետք  մետալներու ոչ պաշտօնական հաշուարկում յառաջատարը Երեւանի խումբն է:

Առաջին տեղը նուաճած 89 մետալով յառաջատարը Երեւանի խումբն է, որ ունի 34 ոսկէ, 25 արծաթէ եւ 30 պրոնզէ մետալ: 33 մետալով երկրորդ տեղը կը գրաւէ Գիւմրիի խումբը` 11 ոսկէ, 10 արծաթէ եւ 12 պրոնզէ մետալ: Եռեակը կ’եզրափակէ Վանաձորը` 6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 4 պրոնզէ մետալներով:

Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու ջահը Մայիս 8-ին վառուեցաւ Շուշիի մէջ եւ Արցախի ու Հայաստանի քաղաքներով ուղեւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւան: Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերը կ’իրականացուին Օգոստոս 2-13: Խաղերու օրակարգին ընդգրկուած նախկին տասը մարզաձեւերուն` ֆութպոլ, մինի ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլէյպոլ, ատլետիկա, թենիս, սեղանի թենիս, ճատրակ, պատմինթոն, լող, աւելցած են եւս եօթը` լողափնեայ վոլէյպոլ, մարզական պարեր, կոլֆ, հանտպոլ, բազկամարտ, հեծանուային մարզաձեւ եւ հրաձգութիւն: Այս խաղերը իսկապէս որ աննախադէպ են ոչ միայն մարզաձեւերու առատութեամբ, այլ նաեւ մասնակիցներու քանակով, որոնց թիւը կը գերազանցէ 6350-ը:

 

Scroll Up