Այսօր Նաւասարդ է` հին հայկական Նոր տարին
Հեթանոսական Հայաստանի մէջ Նոր տարին ամրան կը նշէին` Նաւասարդ ամսուն: «Նաւասարդ» անունը պարթեւա-իրանական ծագում ունի: Այն կազմուած է երկու բառէ` նաւա-նոր, եւ սարդ-տարի: Այսինքն «Նաւասարդը» հէնց «Նոր տարի» կը նշանակէր: Ատիկա կը համընկնէր Օգոստոս ամսուան հետ: Նոր տարուան կը հասնէին հայկական հողի պտուղները, եւ պատահական չէ, որ պատմական Հայաստանի մէջ հէնց այդ ամիսը կը համարուէր տարուան սկիզբը:
Նոր տարուան տօնակատարութիւնները կը սկսէին Նաւասարդ 1-ին (Օգոստոս 11-ին) եւ կը տեւէին մէկ շաբաթ: Այդ օրը յատուկ ուտեստներ կը պատրաստէին, առատ սեղան կը դնէին, եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախ կը դիմաւորէին Նաւասարդը: Նաւասարդի` Նոր տարուան օրերը ըստ էութեան ազգային-ժողովրդական բնոյթ ունէին:
Նոր տարուան առիթով երկրպագութիւն կ’ընէին Անահիտ, Աստղիկ եւ Վահագն աստուածներուն: