Իտալական թերթը Հայաստանի մասին զբօսաշրջային յօդուած մը հրապարակած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/Hayastan.jpg)
News.am-ը կը տեղեկացնէ, որ Իտալական Giornale dell’Umbria թերթը Հայաստանի մասին զբօսաշրջային յօդուած մը հրապարակած է: Յօդուածին մէջ կ’ըսուի․
«Ճչացող քարերու պետութիւն – Հայաստան, Հայաստան», – այսպէս գրած է ռուս բանաստեղծ Օսիպ Մանտելշտամ: Մինչ օրս սա ամենագեղեցիկ արտայայտութիւնն է, որ ամէնէն աւելի ամբողջականօրէն կը բնորոշէ այս հողը, ուր նոյնիսկ առարկաները հոգի ունին:
Հայաստան կը շարունակէ իսլամական աշխարհներով շրջապատուած բացառիկ քրիստոնէական հող ըլլալ:
«Հեշտ չէ հեռանալ Հայաստանէն, աւելի դժուար է այնտեղ չվերադառնալը»: Եւ իրօք, իւրաքանչիւրը, որ կը յայտնուի այդ արտասովոր մթնոլորտին մէջ, կը կախարդուի անով եւ անընդհատ կը կարօտնայ:
Ինքնաթիռով Իտալիայէն չորս ժամուան հեռաւորութեան վրայ է այդ երկիրը, ուր հաւատքի գանձեր պահպանուած են:
Այս երկիրը, որ կը գտնուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին, ոգեղէնութեան եւ բնական գեղեցկութեան աղբիւր է: 30 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքով փոքրիկ երկրի մէջ ամէն ինչ կայ` լեռնային անտառներ, լողափներով շրջապատուած հսկայ լիճ, խորհրդաւոր լեռնային սարահարթ` խոշոր գլաքարերով, որոնք խորհրդաւոր կերպով տաշուած են եւ տեղադրուած ճշգրիտ հաշուարկներու համապատասխան, որուն շնորհիւ այս սարահարթերու առաջին բնակիչները կրցած են ուսումնասիրել աստղերն ու համաստեղութիւնները:
Երկիրը սահմանակից է հիւսիսէն` Վրաստանին, արեւմուտքէն` Թուրքիոյ, արեւելքէն` Ատրպէյճանին, հարաւէն` Իրանին եւ ատրպէյճանական Նախիջեւան արտագաւառին:
Հայաստանի մէջ գլխաւոր կրօնը Հայ առաքելականութիւնն է, պաշտօնական լեզուն` հայերէնը, շատ տարածուած է նաեւ ռուսերէնը:
Այստեղ պարզկայ օրերուն կրնայ նոյնիսկ թուալ, թէ Արարատ լերան վրայ կը տեսնես Նոյեան տապանը: Այս երկրի սքանչելի բնապատկերները նշանաւորուած են սքանչելի խաչքարներով: Փոքր երկիր է սա, որուն մասին սակայն բոլոր ճանապարհորդները կ’ըսեն, թէ մեծ կը թուի:
Շատերը տեղեակ են նաեւ տեղի բնակիչներու սիրալիրութեան, հիւրերուն հանդէպ անոնց առատաձեռնութեան: Այս ժողովուրդը դարեր շարունակ դաժանութիւն, չարիք տեսած է, ստիպուած եղած է հեռանալ հայրենի եզերքէն, բայց երբեք չէ չարացած: Այս երկրի եկեղեցիները, որ թաքցուած են անտառներու անկիւններուն եւ լեռնային բարձունքներուն, ստեղծուած են հայ վարպետներու եւ ճարտարապետներու կողմէ, որոնք V-VI դարերուն արդէն արդիւնաւէտ ժաժական կառոյցներ կիրառած են:
Ծիծեռնակաբերդի մէջ, որ Երեւանի մէջ կը գտնուի, պէտք է այցելել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը, որ Ապրիլ 24-ին կը ծածկուի կարմիր ծաղիկներէ կազմուած գորգով` ծաղիկներ, որ կը բերէ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն»: