Թուրք հոգեւորականը ԱՄՆ-ի մէջ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան

Yourcentralvalley.com-ը կը յայտնէ Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան կատարուած աննախադէպ այցի մասին, կը տեղեկացնէ tert.am-ը:

Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցի` Ֆրեզնոյի պետական համալսարանի տարածքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան  այցելած է թուրք քրիստոնեայ հոգեւորական Հաքան Թասթան եւ ծաղկեպսակ տեղադրած: Հոգեւորականը ԱՄՆ  գացած է Թուրքիայէն, ծաղկեպսակին վրայ գրուած է, որ թուրքերը կը կիսեն հայերու ցաւը:

Թուրք հոգեւորականը այցի ժամանակ յայտարարած է, որ ներողութիւն կը խնդրէ հայ քոյր ու եղբայրներէն այն ամէնուն համար, ինչ անոնց դէմ ըրած են իր նախնիները: Ան ըսած է, որ նոյնիսկ մահուան գինով պիտի ծառայէ իր նոր հաւատքին:

Թուրքիոյ մէջ այս հոգեւորականը ծեծի  ենթարկուած է եւ սպառնալիքներու արժանացած իր հաւատափոխութեան համար:

Տեղի հայ հոգեւորականներէն  Կրեկ քահանայ Յարութիւնեան համայնքի անունէն իր գնահատանքը  յայտնած է` թուրք հոգեւորականի քայլի առիթով:

Իր կողմէ աղբիւրը կը յիշեցնէ 1,5 մլն հայերու կոտորածը, որ ներկայիս Թուրքիան կը ժխտէ:

 

Scroll Up